2015-04-29 10:08:00

Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչ` Կարդինալ Սանտրիի այցելութիւնը Իրաք։


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովը կը տեղեկացնէ որ կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի` մասնակցելէ ետք Իտալիոյ Պարի քաղաքի մէջ տեղի ունեցող միջազգային ժողովին  (29-30 Ապրիլ),  ‘’Միջին Արեւելքի քրիստոնեաներ, ի՞նչպիսի ապագայ մը’’ նիւթին մասին, Իրաք կը մեկնի 1-5 Մայիս։ Կարդինալը նախ կ՛այցելէ Պաղտատ մայրաքաղաքը ապա կ՛անցնի Քիւրտիստանի Էրպիլ քաղաքը։

Վերոյիշեալ երկու քաղաքներու մէջ Կարդինալը պիտի փոխանցէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հայրական խօսքն ու Օրհնութիւնը եւ միաժամանակ շնորհակալութիւն պիտի յայտնէ Պաղտատի եւ Էրպիլի իշխանութիւններուն տածած հոգատարութեան քրիստոնեաներու ու այլ փոքրամասնութիւններուն պաշտպանութեան ի խնդիր։

Պաղտատի մէջ կեցութեան ընթացքին, 1-3 Մայիս, Կարդինալը  ս. Պատարագ պիտի մատուցանէ Ս. Յովսէփի նուիրուած քաղդէացիներու աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ հանդիպում պիտի ունենայ գաղթականներուն հետ, անոնց հետ միասին բաժնեկցելով սիրոյ ճաշը։

Նախատեսուած է ապա հակիրճ այցելութիւն մը մայրաքաղաքի ազգային թանգարանին, ուր պահուած են պատմական ու գեղարուեստական յոյժ կարեւոր առարկաներ։ 

Էրպիլի մէջ կարդինալը  պիտի միանայ R.O.A.C.O.` Արեւելեան եկեղեցիներու բարեսիրական մարմնի պատուիրակութեան։ Քիւրտիստանի զանազան վայրերու մէջ, այս առթիւ կազմակերպուած են աղօթքի հանդիպումներ որուն կը մասնակցին  տեղացի եւ տեղահան հաւատացեալները։

Կարդինալը յատուկէն ողջոյնի խօսք մը պիտի ուղղէ ասորի հասարակութեան։

Նախքան Հռոմ վերադարձը  Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը պիտի տեսակցի Ասորի կաթողիկէ Եունան եւ Քաղդէացի Սաքօ պատրիարքներուն հետ, ինչպէս նաեւ տեղացի եպիսկոպոսներուն հետ։

Կարդինալ Սանտրիի սոյն այցելութիւնը  անգամ մը եւս կ՛ուզէ արտայայտել կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգատարութիւնն ու սէրը Իրաքի քրիստոնեայ եղբայրներուն ու քոյրերուն հանդէպ սկսեալ Սրբազան Քահանայապետէն, որ անցեալ ամառ ու Սուրբ Զատկուայ ընթացքին իր յատուկ նուիրակը ուղարկած էր Իրաք, յանձինս կարդինալ ֆիլոնիի ։

Յյայտնենք որ R.O.A.C.O.` Արեւելեան եկեղեցիներու բարեսիրական մնայուն մարմինը  հաստատուած է 1968-ին, ունենալով որպէս կէտնպատակ դրականօրէն օգնութեան հասնիլ Արեւելքի զանազան նուիրապետութիւններու կարիքներուն ըլլայ հոգեւոր թէ նիւթական` սկսեալ եկեղեցիներու  եւ դպրոցներու շինութիւններէն եւ կրթաթոշակներու բաշխումէն ուսանողներուն։  R.O.A.C.O-ին նախագահն է Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը։








All the contents on this site are copyrighted ©.